Պոլսահայ շունչը՝ Փարիզեան շրջանի երկնակամարին տակ «Լուսաւորիչ» երգչախումբի անմոռանալի ելոյթը Արնուվիլի մէջ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12-ի երեկոյեան, Փարիզի արուարձաններէն Արնուվիլը ապրեցաւ հոգեւոր եւ մշակութային եզակի խանդավառութիւն մը։ Տեղւոյն հսկայական Քաղդէական տաճարը, իր կամարներուն տակ համախմբած էր հոծ բազմութիւն մը՝ ականատեսը դառնալու պատմական իրադարձութեան մը. Պոլսոյ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Լուսաւորիչ» դպրաց դաս-երգչախումբի անդրանիկ ելոյթին՝ ֆրանսահայ գաղութէն ներս։

Այս ձեռնարկը, որ մաս կը կազմէր Արնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նախաձեռնած «Պոլսահայ շաբաթավերջ»-ի ծրագրին, կեանքի կոչուած էր շնորհիւ Պէյօղլուի եկեղեցեաց քարոզիչ Յարութիւն վրդ. Տամատեանի հետեւողական ջանքերուն։ Ան իւրայատուկ կամուրջ մը հանդիսացաւ Պոլսոյ եւ Փարիզի հայութեան միջեւ։

Երեկոյթը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկ. Խաչատրեան, Թուրքիոյ Քաղդէացւոց առաջնորդ Սապրի արք. Անար, Յարութիւն վրդ. Տամատեանի հայրը՝ Գրիգոր աւ. քհնյ Տամատեան, Արնուվիլի քաղաքապետ Փասքալ Տօլ, եւ հոգեւորականաց դասը։

Բացման խօսքը արտասանեց Արնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ալէն Թամիզեան։ Ան ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայ եւ քաղդէացի առաջնորդներուն՝ իրենց ներկայութեան համար։ Ատենապետը առանձնայատուկ երախտագիտութեամբ մը անդրադարձաւ Յակոբ Մամիկոնեանին ու «Լուսաւորիչ»-ի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Յարութիւն վարդապետին, որու գաղափարին ու տարած աշխատանքին շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ այս ծրագիրը։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ քաղդէաց եկեղեցւոյ երգչախումբին մեկնաբանած «Տէրունական աղօթք»-ով, որուն յաջորդեց «Լուսաւորիչ»-ի մուտքը՝ Եկմալեանի «Սուրբ Սուրբ»-ով։ Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի հմուտ ղեկավարութեամբ եւ Ռոպէր Տողանայի երգեհոնի ընկերակցութեամբ, երգչախումբը ստեղծեց երկնային մթնոլորտ մը։

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած համերգին ընթացքին, մեներգիչներ Սերճան Կազէրօղլու, Մարալ Այվազ եւ Շանթ Չաքմաքճեան իրենց կատարումներով հմայեցին ներկաները։ Հոգեւոր երգերու կողքին, աշխարհիկ երգացանկը եւս արժանացաւ բուռն ծափահարութիւններու, իսկ աւարտական «Էրեբունի Երեւան» երգը արժանացաւ յոտնկայս ծափահարութիւններու՝ միաձուլելով բոլորին սրտերը հայրենիքի կարօտով։

Յարութիւն վրդ. Տամատեան հաղորդեց Պոլսոյ պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանի օրհնութիւնը՝ շեշտելով, որ այս այցելութեան նպատակը պոլսահայ մշակութային արժէքներու արժանապատիւ ներկայացումն է։ Իսկ Ֆրանսայի Հայոց առաջնորդ Գրիգոր սրբազանը բարձր գնահատեց երգչախումբին կատարողական արուեստը՝ նշելով, որ անոնք յաջողեցան հայ ժողովուրդին անցեալն ու ներկան ցոլացնել իրենց երգերուն ընդմէջէն։

Երեկոյթին աւարտին, Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հիւրասիրութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ ֆրանսահայերը անմիջական շփում ունենան պոլսահայ հիւրերուն հետ։ Փոխանակուեցան յուշանուէրներ, բայց ամէնէն կարեւորը՝ ամրապնդուեցաւ այն գիտակցութիւնը, որ հայ երգը սահման չի ճանչնար։

* * *

Աւելցնենք, որ յա­ջորդ օր, Շաբաթ, Դեկ­տեմբեր 13-ի երե­կոյեան ալ, կազ­մա­կեր­պութեամբ Ար­նուվի­լի Վա­րագայ Սուրբ խաչ եկե­ղեց­ւոյ թա­ղային խոր­հուրդին, Հրանդ Տինք վար­ժա­րանի «Օս­կիան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ընթրիք-պա­րահան­դէս մը, մաս­նակցու­թեամբ՝ «Լու­սա­ւորիչ» երգչա­խումբին։ 

Իսկ Կի­րակի առա­ւօտեան ալ, «Լու­սա­ւորիչ» երգչա­խումբը ներ­կայ գտնուեցաւ Վա­րագայ Սուրբ խաչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուած պա­տարա­գին եւ մաս­նակցե­ցաւ եր­գե­ցողու­թեան։ 

Թ. Շ.