Պաքուի դատախազը կը պահանջէ Ռուբէն Վարդանեանի ցմահ բանտարկութիւնը

Պաքուի մէջ ընթացող դատավարութեան ընթացքին, դատախազը պահանջած է Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը դատապարտել ցմահ բանտարկութեան։

Նախապէս, Վարդանեան իր աւագ որդւոյն՝ Դաւիթ Վարդանեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին յայտնած էր, թէ յառաջիկային իրեն պիտի տրուի եզրափակիչ խօսքի կարելիութիւն։

Վարդանեան նշած է, որ իր ելոյթին մէջ կը պատրաստուի ընդգծելու, թէ «տեղի ունեցողը չ՚ընդունիր որպէս դատական գործընթաց եւ մտադիր չէ մասնակցիլ արդարադատութեան նմանակումին (իմիթասիոն)»։ Ան շեշտած է, որ Պաքուի մէջ կատարուող այս գործընթացը չի համապատասխաներ արդար դատավարութեան հիմնական չափանիշերուն, հետեւաբար՝ չի կրնար դատաքննութիւն համարուիլ։

“Պէտք չէ վախնալ մահէն կամ փորձել «յաղթել» անոր։ Մահը սարսափելի չէ։ Սարսափելին անտարբերութիւնն է, որ աննկատ, աստիճանաբար, ճառագայթի նման կը թափանցէ մեր մէջ եւ ներսէն կը քայքայէ”,– ըսած է Արցախի նախկին Պետական նախարարը։

Նշենք, որ երբեք որեւէ զինուորական պաշտօն չվարած Ռուբէն Վարդանեան Պաքուի կողմէ կ՚ամբաստանուի շարք մը յանցանքներով, ներառեալ՝ Ազերպայճանի դէմ պատերազմ ծրագրել, ահաբեկչութիւն գանձատրել եւ մարդիկ տեղահանել։ 

Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներուն դատավարութիւնները կ՚ընթանան անկախ լրասփիւռներու եւ միջազգային իրաւապաշտպաններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ։