Հայաստանի ապագային նուիրուած համաժողով Փարիզի մէջ

 

Քննարկման առանցքը կազմեց իշխանութիւնեկեղեցի տագնապը

Դեկտեմբեր 9-ին, Փարիզի գործարարական դպրոցին (Paris Business School) մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ապագային նուիրուած համաժողով մը, որուն օրակարգի գլխաւոր նիւթը երկրի իշխանութիւններուն եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ սաստկացող հակամարտութիւնն էր։

Մեկնելով տուեալ իրավիճակէն, արծարծուած հարցումներն էին՝ ինչպէ՞ս կարելի է խաղաղ ճամբով լուծել այս տագնապը։ Ի՞նչ դեր կրնայ խաղալ Եւրոպական Միութիւնը՝ նկատի ունենալով Հայաստանի ներկայի եւրոպական ձգտումները։

Համաժողովը կազմակերպուած էր ծանօթ քաղաքագէտ եւ հեռատեսիլի մեկնաբան, փրոֆ. Ֆրետերիք Անսէլի հրաւէրով։ Քննարկումները կեդրոնացան միջազգային յայտնի իրաւաբան Ռոպըրթ Ամսթըրտամի զեկոյցին վրայ, որ անձամբ ներկայ էր համաժողովին։

Ամսթըրտամ, որպէս իրաւապաշտպան (նախապէս ներկայացուցած է ռուս ընդդիմադիր Միխայիլ Խոտորքովսքին եւ այլ այլախոհներ), բուռն քննադատութեան ենթարկեց Հայաստանի իշխանութիւնները։ Ան ոչ միայն խստօրէն քննադատեց Հայաստանի ղեկավարութիւնը, այլեւ ուղղակի մեղադրեց Եւրոպական Միութիւնը՝ վարչապետ Փաշինեանին աջակցելուն համար, հակառակ Հայաստանի մէջ արձանագրուող մարդկային իրաւանց խախտումներուն։

Անոր յայտարարութիւնները պատճառ դարձան Եւրոպական խորհրդարանի անդամ (Էմանիւէլ Մաքրոնի կուսակցութենէն) Նաթալի Լուազոյի բուռն հակազդեցութեան, որ նոյնպէս կը մասնակցէր համաժողովին։ Լուազօ մերժեց ԵՄ-ի հասցէին ուղղուած քննադատութիւնը եւ կոչ ուղղեց Հայաստանի ներքին խնդիրները լուծելու խաղաղ եւ ժողովրդավարական միջոցներով։ Ամսթըրտամի եւ Լուազոյի միջեւ բանավէճը որոշ կիրք մը հաղորդեց քննարկումներուն։

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան պաշտպանեց Ամսթըրտամի դիրքորոշումը։ Ան բաժնեց իր անձնական փորձառութիւնը՝ Հայաստանէն արտաքսուելուն մասին, ներկայի կառավարութեան քաղաքականութեան հետ իր անհամաձայնութեան պատճառով։ CCAF-ի փոխնախագահ Արա Թորանեան եւս խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի իրավիճակին վերաբերեալ եւ խօսեցաւ հոն առկայ քաղաքական բանտարկեալներուն մասին։

Յայտնի միջազգային իրաւաբան Ֆրանսուա Տէվէճեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, թէ ինչպէ՛ս Հայաստան կը պայքարի իր անկախութեան համար դժուարին պայմաններու մէջ՝ եօթանասունամեայ համայնավարական իշխանութենէն ետք։ Ան, հիմնուելով աշխարհաքաղաքական փաստարկներու վրայ՝ յայտնեց, թէ ըմբռնումով կը մօտենայ Փաշինեանի կառավարութեան ռազմավարութեան։ Ամերիկաբնակ ծանօթ հայ գործիչ Սիմոն Ռիզքալլա անդրադարձաւ հայոց պատմութեան ողբերգական էջին՝ 1915-ի Ցեղասպանութեան։ Ան յիշեցուց բարի կամքի տէր մարդոց կողմէ հայ ժողովուրդին ցուցաբերուած օգնութիւնը։ Հայերու պատմական առաքելութիւնը ճանչնալու եւ հաշտութեան ուղղուած անոր կոչը ջերմօրէն ընդունուեցաւ սրահին մէջ։

Ֆրանսացի փաստաբան Շառլ Գոնսինյի, որ յայտնի է մամուլի մէջ իր համարձակ ելոյթներով, ներգրաւուած է հայկական հարցերու մէջ՝ պաշտպանելով հանրածանօթ դէմքեր եւ քննադատելով Հայաստանի դատական համակարգը, յատկապէս հայ-ռուս գործարար Սամուէլ Կարապետեանի գործով, զոր ան որակեց քաղաքական մեքենայութիւն։ Փարիզի Փաստաբանական կաճառի անդամ Գոնսինյի արդէն հրապարակաւ արտայայտուած է Հայաստանի քաղաքական իրավիճակին մասին։

Կարելի է ըսել, որ համաժողովի բոլոր մասնակիցները խորին յարգանքով ընդունեցին Ֆրանսայի Կրթութեան նախկին նախարար Ժան-Միշէլ Պլանքէի խօսքերը։ Ան վերահաստատեց Ֆրանսայի ժողովուրդին յանձնառութիւնը Հայաստանի հանդէպ, յատկապէս 1915-ի Ցեղասպանութեան լոյսին տակ, եւ կոչ ուղղեց լուծելու Հայաստանի ներքին խնդիրները։

Համաժողովի մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը խիստ բառերով բնորոշեց վարչապետ Փաշինեանի ներկայ քաղաքականութիւնը Հայաստանի հոգեւոր ղեկավարութեան նկատմամբ։ Ոմանք նշեցին երկրին բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը։ Եւ բոլորը խաղաղութիւն մաղթեցին Հայաստանին։

***

Յստակ է, կը կար­ծենք։ Ակ­նե­րեւօ­րէն, Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեանց վրայ մաղձ թա­փելու յա­ւելեալ առիթ մը ստեղ­ծե­լու նպա­տակը կը հե­տապնդէր այս հա­մաժո­ղովին կազ­մա­կեր­պումը, յատ­կա­պէս նկա­տի ու­նե­նալով ընտրու­թիւնը՝ խօ­սելու հրա­ւիրուած ան­ձե­րուն, որոնք երկրին իշ­խա­նու­թեանց նկատ­մամբ խիստ քննա­դատա­կան վե­րաբե­րում ու­նին։ 

Եթէ առ­նե­լու ըլ­լանք անոնցմէ իւ­րա­քան­չիւրին պա­րագան առան­ձին-առան­ձին, CCAF-ի հա­մանա­խագահ­նե­րու­ն դիրքորոշումը ար­դէն ծա­նօթ է։ Ինչ կը վե­րաբե­րի Ամսթըր­տա­մին եւ Գոն­սինյիին՝ կար­դա­լով, որ անոնցմէ առաջինը պաշտպա­նած է ռուս ծա­նօթ ընդդի­մադիր (Փու­թի­նի) Խո­տոր­քովսքին եւ ու­րիշ այ­լա­խոհ­ներ, մարդ ինքնա­բերա­բար կը հա­կի մտա­ծելու, թէ գա­նատա­ցի իրա­ւաբա­նը բռնա­տէրե­րու դէմ թունդ սկզբունքնե­րով զի­նուած անձ մըն է, ազատատենչ մարտիկ մը։ Բայց եկէք տե­սէք, որ այդ նոյն ան­ձը 2016-ին ըն­դունած է Էր­տո­ղանի նման ղե­կավա­րի մը պա­տուէ­րը եւ մի­ջազ­գա­յին ծա­ւալուն ու խիստ ար­շա­ւի մը գլու­խը ան­ցած է ընդդէմ անոր գլխա­ւոր ընդդի­մադիր Ֆեթ­հուլլահ Կիւ­լէ­նին։ Ո՞ր սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալով ըրած է այդ. հարցումը պէտք է իրեն յղել։

Իսկ Գոն­սինյիի պա­րագան եւ դրդա­պատ­ճառնե­րը շատ պարզ են ու առնչուած՝ իր հա­ցին, աս­պա­րէզին։ Ար­դա­րեւ, ան փաս­տա­բանն է Սա­մուէլ Կա­րապե­տեանի։

Որ­պէս եզ­րա­փակում. ձեռ­նարկ մը՝ կազ­մա­կեր­պուած ուղղա­կի կամ անուղղա­կի կեր­պով՝ «հա­յու­թեան շա­հերու նա­խան­ձախնդիր»-նե­րու կող­մէ, որոնք ըստ երե­ւոյ­թին որո­շած են եւ ու­զած «ար­տա­ծել»՝ ար­տա­քին աշ­խարհին հա­սանե­լի դարձնել իրենց անձնա­կան դիր­քո­րոշումնե­րով «երան­գա­ւորուած» Հա­յաս­տա­նի պատ­կե­րը ,«փոքր շահն ալ շահ է» ֆրան­սա­կան ասացուածքին զու­գա­հեռ տրա­մաբա­նու­թեամբ՝ «փոքր վնասն ալ վնաս է» սկզբունքով առաջ­նորդուած։ 

Եւ դեռ ինչ ըսել երե­ւոյ­թին մա­սին, որ ղե­կավա­րի կո­չում վա­յելող հա­յերուն փոխարէն, ոչ-հայերու,– ինչպէս օրի­նակ՝ Նա­թալի Լուազոյին, կը վիճակի ճիշդ, իմաս­տուն ու ող­ջա­միտ մօ­տեցում դրսեւորելը՝ յայտարարելով, որ նման հար­ցեր Հա­յաս­տա­նի ներ­քին խնդիր­ներն են՝ պէտք է լու­ծուին ներ­քին կար­գով, եւ ոչ թէ այսպէս՝ երկրին պետութիւնն ու պետականութիւնը վար­կաբեկելու փորձեր կատարուին արտասահմանեան հարթակներու վրայ։