Ըստ Հայաստանի փոխվարչապետին՝ ազերպայճանական նաւթամթերքի ներածման կարելիութիւններ կան

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան կը հաստատէ, որ օրերս Կապալայի մէջ Ազերպայճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի հետ քննարկած են Ազերպայճանէն Հայաստան նաւթի ու նաւթամթերքի արտածման հարցը։

«Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան, թէ արդեօք Երեւանն ու Պաքուն արդէն համաձայնա՞ծ են Ազերպայճանէն վառելանիւթի ներածման շուրջ, փոխվարչապետը Դեկտեմբեր 12-ին պատասխանած է. «Այո՛, քննարկումներ եղած են, համագործակցութեան կարելիութիւններ կան»:

«Ազատութիւն» լրասփիւռը նաեւ հարցուցած է փոխվարչապետին, թէ ազերպայճանական վառելանիւթի ներածման ի՞նչ ծաւալներու մասին է խօսքը, հայաստանեան ո՞ր ընկերութիւններն են որ մտադիր են Ազերպայճանէն նաւթ գնել եւ ի՞նչ գինի շրջանակներու մէջ Ազերպայճան պատրաստ է նաւթ ու նաւթամթերք վաճառելու Հայաստանին եւ արդեօք ան մրցունակ պիտի ըլլա՞յ Ռուսաստանէն ներածուող վառելանիւթին նկատմամբ։

Այս հարցումներուն ի պատասխան Մհեր Գրիգորեան նշած է. “Վառելանիւթին առնչուող հետագայ ընթացքը արդէն մասնաւոր արտածողներու եւ ներածողներու համագործակցութեան տիրոյթին մէջ է, իսկ կարելի գործարքներու պայմանները պիտի ըլլան շուկայական”,– պատասխանած է փոխվարչապետը։

Ե՞րբ պիտի հասնի ազերպայճանական վառելանիւթը Հայաստան

Յիշեցնենք, որ Ազերպայճանէն Հայաստան նաւթ ու նաւթամթերք արտածելու ծրագրին մասին հայ հանրութիւնը տեղեկացաւ ազերպայճանական կողմէն։ Առջի շաբաթ այդ մասին Տոհայի մէջ յայտարարեց Ազերպայճանի նախագահի Արտաքին քաղաքական հարցերու օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ։

Ազերպայճանական վառելանիւթի ներածումէն բացի, փոխադարձ առեւտուրի ուրիշ ի՞նչ ոլորտներ կը քննարկեն Հայաստանն ու Ազերպայճանը. այդ հարցումին փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան յստակ պատասխան չէ տուած՝ նշելով միայն, որ «այլ ապրանքներու գծով քննարկումները դեռ կը շարունակուին»: