Էդմոն Մարուքեան ընդդիմադիր դաշտին համախմբում կ՚առաջարկէ՝ «Նիկոլ Փաշինեանը հանգստեան կոչելու համար»

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը բանակցութիւններ կը սկսի՝ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդարձակ դաշինքներով մասնակցելու նպատակով, բացարձակապէս մերժելով գործակցիլ ներկայի իշխանութիւններուն հետ։

Դեկտեմբեր 13-ին տեղի ունեցած համագումարին ընթացքին, կուսակցութեան ղեկավար Էդմոն Մարուքեան, որ վերընտրուած է նախագահի պաշտօնին, ներկայացուցած է ճանապարհային քարտէս մը, որուն միջոցաւ ընդդիմադիր դաշտը կրնայ «վարչապետ Փաշինեանը հանգստեան կոչել»։ Մարուքեան շեշտած է համախմբման անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով, որ պէտք է ձեւաւորուին խոշոր բեւեռներ, որպէսզի ձայները չփոշիանան։

Ըստ Մարուքեանի, ընդդիմութեան միւս կարեւոր խնդիրը ընտրութիւններուն բարձր մասնակցութիւն ապահովելն է։ Ան հերքած է իշխանութեան այն պնդումները, թէ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը (ՔՊ) պիտի ստանայ ձայներուն 50 տոկոսէն աւելին՝ վստահեցնելով, որ ընտրողներուն 60 տոկոսէն աւելին դէմ է ներկայի իշխանութեան։ “Եթէ ընտրատեղամասերուն մէջ մասնակցութիւնը անցնի 50 տոկոսը, իշխանութիւնը կը պարտուի”,– ընդգծած է ան։

Մարուքեան նշած է, որ իր կուսակցութիւնը տակաւին որեւէ ուժի հետ դաշինք կազմելու յստակ քննարկում չէ ունեցած, սակայն բացառած է համագործակցութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր աջակցող ուժերուն հետ։ Անդրադառնալով Ռոպերտ Քոչարեանի կամ Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած ուժերուն հետ հաւանական համագործակցութեան՝ Մարուքեան ըսած է, որ տակաւին կանուխ է այդ մասին խօսելու համար։

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահը իր ելոյթին մէջ խստիւ քննադատած է Փաշինեանի վարած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը, յատկապէս անդրադառնալով եկեղեցւոյ դէմ վարչապետին յարձակումներուն։ Ան հակադարձած է Փաշինեանի այն մեղադրանքին, թէ Կաթողիկոսը չէ ընդունած եկեղեցական նոր կանոնադրութիւնը՝ յիշեցնելով, որ վարչապետը ի՛նք չէ կատարած կառավարութեան 2021-2026 թուականներու ծրագիրը եւ գործած է ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ։