Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կիրակի, Դեկտեմբեր 14-ին մասնակցած է Արմաւիրի մարզի Մեծամօր շրջանի Այգեշատ գիւղի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ պատարագին։
Թէեւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մաշտոց քահանայ Ստեփանեան ներկայ եղած է արարողութեան, սակայն պատարագը մատուցած է Արմաւիրի թեմի առաջնորդ Սիոն արքեպիսկոպոս Ադամեանը։ Ներկայ եղած են նաեւ Պալթեան երկիրներու թեմի առաջնորդ Վազգէն արքեպիսկոպոս Միրզախանեանը եւ Արմաւիրի թեմի քահանաներէն Տէր Մկրտիչ Մուշատեանը, որ նախորդ Կիրակի պատարագ մատուցած էր Գիւմրիի «Եօթը Վէրք» եկեղեցւոյ մէջ։
Յատկանշական է, որ Այգեշատի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագի ընթացքին կրկին անգամ զանց առնուած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին անունը։
Իր քարոզին մէջ Արմաւիրի թեմի առաջնորդ Սիոն արք. ըսած է. “Արմաւիրի մարզ այս այցելութիւնը շատոնց նախատեսուած էր, սակայն կը գտնուէինք բուժման ընթացքի մէջ, ուստի յետաձգուեցաւ։ Մենք ուրախ ենք, որ մեր պետութեան ղեկավարութիւնը իր հաւատքով, եկեղեցւոյ իր նուիրումով եւ յատկապէս իր մասնակցութեամբ ներկայ է այսօր, որովհետեւ հաւատացեալ ըլլալ եւ չմասնակցիլ Սուրբ պատարագներուն, չապրիլ Քրիստոսի գծած կեանքով՝ մեր քրիստոնէական կոչումը շատ կիսատ պիտի դարձնէր։ Այսօր մենք կը տեսնենք այդ ամբողջականութիւնը մեր վարչապետին մէջ, որուն համար ուրախ ենք”։
Նախապէս, Մայր Աթոռը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որուն մէջ խստագոյնս դատապարտած է «վարչապետի գլխաւորութեամբ իշխանութիւններուն կողմէ, իրաւապահ մարմիններու ուժային միջամտութիւններով, եկեղեցական կարգ ու կանոնի, ինչպէս նաեւ ՀՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան կոպիտ խախտումներով, հաւատացեալներու հոգեւոր զգացումները վիրաւորելով ու պառակտում սերմանելով՝ տարբեր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ “պատարագ”-ի արարողութիւններու կազմակերպումը»։